Անգլիական {Տը Կարտիըն´ Կը Քննադատէ Վարչապետ էրտողանը։
Անգլիական հեղինակաւոր ՝՝ՏԸ ԿԱՐՏԻԸՆ՝՝ օրաթերթը լրատուութիւն մը հրատարակած է յորում
կը գրէ Թուրքիոյ վարչապետ էրտողանի մասին,ըսելով ՝՝ Թուրքիա այն երկիրն է որ չի կրնար
քարոզել մարդու իրաւունքներու մասին,քանի որ այդ երկիրը չի ճանչար ՝՝Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝՝
։ Անգլիական թերթին այս կարծիքը յայտնած են թերթի թղթակից Քարէն Շէրվուտի զրուցակիցները՝Երուսաղէմի
մէջ։ Անոնցմէ մէկը Մարթին Մէրիտոր նշած է որ Էրտողան կը յաւակնի Մերձաւոր Արեւելքի
առաջնորդին դերին,եւ թէ այդ նպատակին հասնիլ անկարելի է առանց Իսրայէլի հասցէին մեղադրանքներ
հնչեցնելու ։